<<Հայ Ասպետ - Սփիւռք>> Նախագիծին մասնակցելու նպատակով, Յուլիս 14-ին Հայաստան մեկնեցան Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.-ի արիները, որոնք ընտրուեցան Ընկերակցութանս կողմէ տարուած հետեւողական և լուրջ աշխատանքէ ետք:
Ինչ կրնայ թուիլ աւելի հաճելի քան մեր զաւակներու դիմաւորումը մեզի, որքան պերճ եւ գեղեցիկ էր բեմը զարդարուած 150 երեխաներով, իրենց հագած գոյնզգոյն տարազներով ու պատրաստած ձեռայիններով, եւ որքան անուշ կը հնչեն մեր ականջներուն երգերը այս փոքրիկ երաժիշտներու բերնէն: